2015-12-10 10:07:00

Գերապայծառ Կալանաթինօ` Իրաքի Էրպիլ քաղաքի մէջ բացումը կատարեց կաթողիկէ համալսարանին։


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քարտուղարը գերապայծառ Կալանթինօ երկու նուէրներ ընծայեց Քիւրտիստանի մէջ ապաստան գտած քրիստոնեայ շուրջ մէկ միլիոն գաղթականներուն։ Առաջինը` բացում Ողորմութեան Յոբելեանի  Ս· դրան եւ երկրորդ` բացում կաթողիկէ համալսարանին որուն կառուցումը արժեց աւելի քան երկու միլիոն եւրօ։

Համալսարանի բացումը կը հանդիսանայ յոյսի նշան իսկ Ս· Դրան բացումը ցնծութեան տօնակատարութիւն։

Համալսարանը Քիւրտիստանի մէջ առիթ պիտի տայ մշակութային երկխօսութեան ու համակեցութեան։ Անոր բացումը խթան մը կը հանդիսանայ ապագայ նոր սերունդի պատրաստութեան, յայտնած է գերապայծառ  Կալանթինօ որ ապա արտայայտուելով Ս· Դռան բացումին ըսած է  ''հրաւէր կը կատարենք Իրաքի քրիստոնեաներուն ապրիլ Ողորմութեան տարին, չկատարելով ուրիշներուն ըրածը, սրտին մէջ ոխ չպահելով հանդէպ  բռնաբարողներուն ու  հալածողներուն եւ աղօթելով անոնց համար ու ներելով զանոնք­, ջանալով բանալ կենակցութեան նոր էջ մը''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.